Բարի գալուստ HySpell–ի Հայերէն Լեզուի եւ Մշակութային կայք
Հպարտութեամբ կը ծանուցենք թողարկումը Հայերէնի Ուղղագրիչ 3.0 տարբերակը՝ Microsoft Office Word 2007/2010/2013/2016
ծրագրերի համար։ HySpell ուղղագրիչը ճշգրիտ, արագ եւ սեղմօրէն միաւորուած է Microsoft Word 2007/2010/2013/2016 ծրագրերի մէջ։ MS-Word–ի հետ
այս բնական միաւորման պատճառաւ, չափազանց հեշտ է զայն գործածելը, դառնալով կատարեալ գործիք հայերէն լեզուի սկսնակ
աշակերտներու եւ նաեւ՝ փորձառու հայերէն գրողներու համար։
Բառաշտեմարան
HySpell՝ Ուղղագրիչի բառաշտեմարանը բաղկացած է աւելի քան 158,000 Հայերէն արմատական բառերէ։
Սա հիմնուած է Ստեփանոս Մալխասեանցի եւ Էդուարդ Աղայեանի ծաւալուն բազմահատորանոց բառարաններու, նաեւ
աւելի հին՝ Հայկազնեան բառարանի վրայ։ Այս արմատական բառաշտեմարանի հետ միասին, ուղղագրիչի հոլովման օրէնքները
կարող են արտաբերել աւելի քան 5 միլիոն Հայերէն օրինական բառեր պարունակելով թէ՛ Արեւմտահայերէն եւ թէ՛
Արեւելահայերէն բարբառները աւանդական Մեսրոպեան ուղղագրականոնով։
Սա՝ սխալ բառեր վրիպելու շատ չնչին լուսանցք միայն կարող է ձգել, առանց զիջելու օրինական բառերուն։
Ուղղագրութիւն
Ուղղագրիչի սոյն 3.0 տարբերակը օգտագործողին կ՚թողու դասական կամ նոր ուղղագրութեան նախընտրանքի որոշումը։
Առաւել եւս՝ կարելիութիւն կու տայ գրութիւնը մէկ ուղղագրութենէն փոխարկել միւսին։
Առաջարկիչի ոյժը
Սրբագրուելիք բառերու առաջարկիչի մեքենականութիւնը բաւականի հիմնաչափ է HySpell ուղղագրիչի մէջ։
Ան մասնաւորապէս օգտակար է այն պարագային երբ՝ վրիպող բառը կը տարբերի ենթադրուող օրինական բառէն
2 կամ 3 տառերով։
Բառագանձ
HySpell-ի սոյն տարբերակը կ՚պարունակէ 18,000 բառնոց ներքին հայերէն-հայերէն բառարան։ Առաւել եւս՝
բառի բացատրութեան որոնման արդիւնքին հետ կ՚ցուցադրուի յղման կապեր դէպի Նայիրի կայքի բազմածաւալ
հայերէնի բառարաններու էջերուն՝ որպէս բառին լրացուցիչ մանրամասն բացատրութիւններ։
Բազմայլագրման Խնդիրներ
HySpell ուղղագրիչը օժտուած է բաւարար հմտութեամբ որպէսի գտնէ Հայերէնի վերաբերող բովանդակութիւնը
խառն բազմալեզու գրութեան մէջ։ Աւելորդ` ձեռքով ներմուծուած լեզուացուցիչներ պէտք չեն որպէս ուղղագրէ
Microsoft Word փաստաթուղթը։ Աւելին՝ ան կը յայտնաբերէ գրութեան հայերէն մասերը հետեւելով երկու
ընդհանրացուած այլագրութիւններուն, այսինքն՝ UNICODE եւ հին ARMSCII-8 այլագրութիւններուն։
|
Միաւորում եւ Ընդլայնելիութիւն
HySpell ուղղագրիչը սեղմօրէն միաւորուած ըլլալով Microsoft Office Word 2007/2010/2013/2016 ծրագրին մէջ, կը վերածուի շատ
գործնական եւ դիւրին միջոցի հայերէն Word փաստաթուղթեր գրելու համար։ Անոր կարեւոր յատկութիւններէն են՝ նոր բառ
աւելցնելու կարողութիւն ընտրովի բառարանին մէջ, այսպիսով ընդլայնել բառաշտեմարանը օրինական բառերու։
Առաւել եւս՝ ուղղագրիչը ունի թափանցիկ համակառոյց ցուցարկելով նոյնիսկ ներքին բառաշտեմարանը եւ հոլովման օրէնքներու
նշոցը յաւելեալ լեզուաբանութեան յատուկ լարման համար։
|
|
Հայերէն Լեզուի Էութիւնը
Հայերէն լեզուն այն մի քանի նախա-հնդեւրոպական լեզուներէն է որ դիմացել է յեղաշրջման ճանապարհի աւելի քան 12
հազար տարիներ սկիզբ առնելով Հայկական Բարձրավանդակի խորքէն։ Կ՛հաւատանք որ լեզուաբան մը անկարող է լուրջ եւ լրացուցիչ
հետազօտութիւններ կատարել հնդեւրոպական լեզուներու ուղղութեամբ առանց հայերէն լեզուի խորին ուսումնասիրութեան։
Ներբեռնել Հայերէնի Ուղղագրիչը FireFox–ի համար
HySpell 3.0 տարբերակը երկրորդ թողարկումն է Microsoft Office Word ծրագրին օժանդակող
հայերէնի ուղղագրիչի, ընդ որում ընդգրկուած է, ի միջի այլոց, նաեւ՝ հայերէն-հայերէն բառագանձ։
|